image

Ռուսաստանն առաջին անգամ ըլլալով զօրավարժութիւններ պիտի կատարէ Խաղաղ Ովկիանսի կեդրոնը. Գլխաւոր զօրավարը Սերկէյ Աւագեանցն է

Ռուսաստանն առաջին անգամ ըլլալով զօրավարժութիւններ պիտի կատարէ  Խաղաղ Ովկիանսի կեդրոնը. Գլխաւոր զօրավարը Սերկէյ Աւագեանցն է

ՌԴ Խաղաղովկիանոսեան նաւատորմի ռազմանաւերը ծովային օդուժի հետ միասին նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին անգամ ուսումնավարժանքներ պիտի կատարեն Խաղաղ ովկիանոսի կեդրոնական հատուածին մէջ: Այս մասին յայտնած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն` յղում ընելով ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան:

Ուսումնավարժանքները պիտի իրականացուին Քուրիլեան կղզիներէն 4600 Քմ հարաւ-արեւելք գտնուող շրջանին մէջ: Ուսումնավարժանքներուն պիտի մասնակցի  մօտ 20 ռազմանաւ, սուզանաւ եւ օժանդակող նաւեր: Անոնց մէջ, մասնաւորապէս, ընդգրկուած են Խաղաղովկիանոսեան նաւատորմի «Վարիակ» հրթիռային յածանաւը, «Մարշալ Շափոշնիքով» ռազմանաւը, այլ նաւեր եւ սուզանաւ:

Բացի այդ, զօրավարժութիւններուն ներգրաւուած են ծովային օդուժի Ту-142М3 ինքնաթիռները, որոնք 14 ժամ տեւողութեամբ թռիչքներ կ'իրականացնեն: Ընդհանուր առմամբ, զօրավարժանքներուն պիտի մասնակցի 20 օդանաւ:

Նաւերն ու ինքնաթիռները արդէն շարք մը առաջադրանքներ իրականացուցած են, մասնաւորապէս` պայմանական հակառակորդի օդային հարուածային խումբի ոչնչացումը:

Զօրավարժանքները պիտի իրականացուին Խաղաղովկիանոսեան նաւատորմի հրամանատար, ծովակալ Սերկէյ Աւագեանցի ղեկավարութեան ներքոյ: