«Նոր Մարմարա»էն կը կարդանք՝
Էսաեան վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ, 14-16 Մայիսին կազմակերպեցին ուսումնական եւ մշակութային ճամբորդութիւն մը՝ դէպի Գուշատասը։
Ճամբորդութեան ընթացքին աշակերտները այցելեցին Եփեսոսի պատմական աւերակները, Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Տունը եւ Շիրինճէ գիւղը։
Պատմական ու բնական գեղեցկութիւններով հարուստ այս ուղեւորութիւնը աշակերտներուն համար եղաւ թէ՛ ուսուցողական եւ թէ՛ հաճելի փորձառութիւն մը։ Անոնք կարելիութիւն ունեցան մօտէն ծանօթանալու պատմական եւ մշակութային արժէքներուն, միաժամանակ ամրապնդելով իրենց բարեկամական կապերը եւ միասին ստեղծելով գեղեցիկ յիշատակներ։
Լիսէներու մտից քննութեանց նախապատրաստութեան լարուած շրջանին կարճ դադար մը առնելով, աշակերտները բարոյապէս վերալիցքաւորուեցան եւ երեք օր ապրեցան համերաշխութեամբ, բացայայտումներով ու ուրախ պահերով լի մթնոլորտ։

