Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը ահազանգ հնչեցուցած է երկրին մէջ քաղցկեղի տարածման աննախադէպ բարձր ցուցանիշի վերաբերեալ, նշելով, որ նախորդ տարուան համեմատութեամբ, 2018 թուականին հիւանդութեան տարածման 5,6% աճ գրանցուած է:
Այս առթիւ «MTV» կայքը, անդրադառնալով խնդիրի պատճառներուն, զրոյց ունեցած է ուռուցքաբան Ֆատի Նասրի հետ, որ դիտել տուած է, թէ մահացու հիւանդութեան տարածման աճի պատճառները յայտնաբերելու համար երկարատեւ ուսումնասիրութիւններ պէտք է կարատուին:
Բժիշկը մասնաւորապէս առանձնացուցած է հիւանդութեան տարածման երկու պատճառ:
Առաջին պատճառը տարիներէ ի վեր հաւաքուած աղբակոյտերն են, որոնք իրենց հերթին կ՛ապականեն ընդհանուր մթնոլորտն ու ծովը:
Երկրորդը, ըստ ուռուցքաբանին, Լիբանան ապաստանած սուրիացի գաղթականներն են, որոնք, անկախ իրենց կամքէն, երկար տարիներ ապրելով անբարենպաստ պայմաններու մէջ, պատճառ դարձան շատ վտանգաւոր պաքթերիաներու տարածման, որոնք կրնան շատ հիւանդութիւններու պատճառ դառնալ: