Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական անորոշ իրավիճակին հետեւանքով տնտեսական գահավիժումը կը շարունակուի։
Այս առումով այսօր «անսպասելի» կերպով մեծ մագլցում գրանցած է ամերիկեան տոլարի սակագինը հասնելով մինչեւ 14 հազար լիբանանեան թղթոսկիի։
Վերջին առնուազն երեք ամիսներուն տոլարի սակը հեռու մնացած էր մեծ տատանումներէ, այն յոյսով, որ երկրի քաղաքական իշխանութիւնները համաձայնութեան կը հասնին եւ ի վերջոյ կը յաջողին կազմել նոր կառավարութիւն։
Յիշեցնենք, որ անցնող օրերուն մեծ առումով պարզ կը դառնար, որ Լիբանան շատ հեռու է նոր կառավարութիւն ունենալով ընտրանքէն, իսկ մէկէ աւելի բարձրաստիճան ելեւմտագէտներ յայտարարած էին, որ ամերիկեան տոլարի սակը պիտի« թռչի» ու «նուաճէ» մեծ բարձունքներ։
Հետեւաբար այս օր գրանցուած այս մեծ ցատքը, կրնայ նաեւ նախասկիզբ մը դառնալ նոր մեծ տարողունակութիւն ունեցող անկումներու, որը կրնան երկիրը տանիլ աւելի մեծ տագնապներու եւ ... խնդիրներու։