Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքի «Մազլում» հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժնին առջեւ տեղի ունեցած են ծեծկռտուք ու բախումներ, ջարդուած են մուտքի ապակիները:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ լիբանանեան «Ալ Նահար» կայքէն:
Ըստ աղբիւրին խնդիրները ծագած են, երբ հիւանդանոցի շտապ օգնութեան բաժինը մերժած է ընդունիլ օգնութեան կարիք ունեցող կին մը, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ ուղեկցող երիտասարդները բախում ունենան անվտանգութեան աշխատակիցներուն հետ ու կոտրտեն մուտքի ապակիները: