Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ 8 մարտին կեանքէ հեռացած Պոլսոյ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի յուղարկաւորութեան կազմակերպման համար յանձնաժողով ձեւաւորուած է:
Պատրիարքի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի 17 մարտին, իսկ այսօրուընէ պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանը պատրիարքարանէն ներս ցաւակցական ընդունելութիւններ պիտի ունենայ:
Պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի մարմինը 14 մարտին պիտի փոխադրուի Գում Գաբուի աթոռանիստ Սուրբ Աստուածածին մայր եկեղեցի, եւ պոլսահայերը հնարաւորութիւն պիտի ունենան վերջին հրաժեշտը տալու պատրիարքին:
Պատրիարքի յուղարկաւորութեան կը սպասուի աշխարհի տարբեր երկիրներէ հոգեւորականներու, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիոյ քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչներու ներկայութիւն: