ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն առանձնայատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնեն Ղարաբաղի իրավիճակին: Այս մասին յայտարարած է ՌԴ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն:
«Երկու առաջնորդները պիտի քննարկեն նաեւ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները, ռազմավարական կայունութեան հարցերը, տեղեկատուական անվտանգութեան, ցանցահէնական յանցագործութեան դէմ պայքարի հարցերը, տնտեսական համագործակցութեան թեման, կլիման, եւ, բնականաբար, «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարը»,-ըսած է Ուշաքովը:
Ան նշած է, որ առանձնայատուկ ուշադրութիւն պիտի յատկացուի Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին, ներուքրանական ճգնաժամին եւ Պելառուսիոյ իրավիճակին:
Ռուսաստան-ԱՄՆ գագաթաժողովը պիտի կայանայ 16 Յունիսին, Ժընեւի մէջ: