image

Կազմուած է Պատրիարքի յուղարկաւորութեան համար յատուկ յանձնախումբ

Կազմուած է Պատրիարքի յուղարկաւորութեան համար յատուկ յանձնախումբ

Պոլսոյ  «Ժամանակ»   օրաթերթը  կը հաղորդէ, թէ 8 մարտին կեանքէ հեռացած Պոլսոյ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի  յուղարկաւորութեան կազմակերպման համար յանձնաժողով ձեւաւորուած է:

Պատրիարքի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի 17 մարտին, իսկ այսօրուընէ պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանը պատրիարքարանէն ներս ցաւակցական ընդունելութիւններ պիտի ունենայ:

Պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանի մարմինը 14 մարտին պիտի փոխադրուի Գում Գաբուի աթոռանիստ Սուրբ Աստուածածին մայր եկեղեցի, եւ պոլսահայերը հնարաւորութիւն պիտի ունենան վերջին հրաժեշտը տալու պատրիարքին:

Պատրիարքի յուղարկաւորութեան կը սպասուի աշխարհի տարբեր երկիրներէ  հոգեւորականներու, ինչպէս նաեւ՝ Թուրքիոյ քաղաքական վերնախաւի ներկայացուցիչներու ներկայութիւն: