image

Մահացած է Ոսկիհան Շէշիթեանը. Ան 11 տարեկան հասակին Տ. Շնորհք Պատրիարքի ճիգերով դպրեվանքի աշակերտ դարձած էր

Մահացած է Ոսկիհան Շէշիթեանը. Ան 11 տարեկան հասակին   Տ. Շնորհք Պատրիարքի ճիգերով դպրեվանքի  աշակերտ  դարձած էր

Օրերս Միացեալ Նահանգներու մէջ    մահացած է  կրթական մշակ՝ Ոսկիհան Շէշիթեանը։

 

 Այս մասին իմացանք «Պայքար»  շաբաթաթերթէն։

 

 Աղբիւրը    կարճ  կենսագրական մը ներկայացուցած է հանգուցեալին մասին, որ  կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան։

Խոր ցաւով իմացանք նախկին կրթական մշակ ու Նիւ Ճըրզիի ազգային կեանքին մէջ իր անշահախնդիր մասնակցութիւնը բերած Ոսկիհան Շէշէթեանի մահը, որ տեղի ունեցաւ Մայիս 16-ին, յետ անբուժելի հիւանդութեան:

Ողբացեալը ծնած էր Սեբաստիա, 21 Յունուար, 1946ին, ըլլալով 8րդ զաւակը ցեղասպանութենէն վերապրած Տիգրան եւ Էլմաս Շէշէթեաններուն:

Շնորհք Արք. Գալուստեանի նախաձեռնութեամբ պատմական Հայաստանի մէջ ցրուած պատանի ու երիտասարդ հայորդիներու դէպի Կ. Պոլիս հաւաքելու ծրագրին մաս կազմեց նաեւ 11-ամեայ Ոսկիհանը, Ս. Խաչ դպրեվանք առաջնորդուելով: Հոն ան մտերմացաւ Տիրան Քիլերճեանին, որու հետ մնաց մնայուն բարեկամ:

16 Յուլիս 1972ին կ'ամուսնանայ Նազիկին հետ եւ կը բախտաւորուին երկու դուստրերով՝ Դալար եւ Թալին: Ոսկին եւ Նազիկը եղած են ուսուցիչներ. Ոսկին դասաւանդած է Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի մէջ, ուսուցանելով ուսողութիւն: Իր բարձրագոյն ուսումը սատցած է Պոլսոյ Վոսփորի (նախկին Ռոպերթ Գոլէճ) համալսարանին մէջ, վկայուելով թուաբանութեան ճիւղին մագիստրոսական տիտղոսով: Ան կ'ըլլայ առաջինը, որ Պոլսոյ մէջ կը հիմնէ Դպրեվանքի շրջանաւարտից միութիւնը:

1983-ին ընտանիքով կը տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ. Սկիզբը Պրումոլ (Փենսիլվանիա), ուր իր երբեմնի բարեկամին՝ Յակոբ Իշխանեանին մօտ աշակերտելով կը ստանայ սոֆթուէրի մասնագիտութիւն, մինչ Նազիկ կը դասաւանդէ Ֆիլատելֆիայի Հայ Քոյրերու վարժարանէն ներս: 1989-ին կը տեղափոխուին Փարամըս, Նիւ Ճըրզի, ի գործ դնելով իր հաշուապահական մասնագիտութիւնը 6th Avenue Electronics հաստատութեան մէջ: Շրջան մը կը վարէ Ս. Վարդան Մայր Տաճարի գրադարանը, դասաւորելով գրախանութը: Անցնող 20 տարիներուն, մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը, ան կը վարէ իր անձնական գործը:

Դալար եւ Թալին ազգային գիտակցութեամբ դաստիարակուած մաս կը կազմեն ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբին եւ կը ստանձնեն պատասխանատու պաշտօններ Թենըֆլայի Ս. Թովմաս Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ:

Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 21 Մայիսին Ս. Թովմաս եկեղեցւոյ մէջ, հակառակ «Քորոնա» ժահրի արգելքին եկեղեցին լեցուն էր սգակիրներով: