image

Երուսաղէմի Տ. Նուրհան Պատրիարքի շնորհաւորանքը՝ Փաշինեանին

Երուսաղէմի Տ. Նուրհան Պատրիարքի շնորհաւորանքը՝ Փաշինեանին

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան արք. Մանուկեան այս առաւօտ շնորհաւորական գիր մը յղած է վարչապետութեան թեկնածու Նիկոլ Փաշինեանին։

Յղուած շնորհաւորական գիրին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի ՝

 

Մեծայարգ Տիար Նիկոլ Փաշինեան

Վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան

Երեւան

Յարգարժան Տիար Փաշինեան,

Այսու կու գանք շնորհաւորել Ձեզ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ ընտրուելու առթիւ:

Ի բոլոր սրտէ կ'աղօթենք, որ Հայրենիքէն ներս նպաստէք համերաշխութեան հաստատման եւ իրականացնէք մեր ժողովուրդի ակնկալիքները՝ բարձրացնելով Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու անվտանգութիւնը, բարեփոխէք Հայոց Բանակը եւ նպաստէք անոր մարտունակութեան վերականգնման, զարգացնէք տնտեսութիւնն ու բարելաւէք մեր Հայրենիքի ընկերային պայմանները:

Անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք Ձեզ եւ կ'աղօթենք Ձեր քաջառողջութեան եւ պարտականութիւններու յաջող կատարման համար եւ կ'ակնկալենք օր մը Ձեզ տեսնել Սուրբ Երկրի մէջ:

Օրհնութեամբ՝

Նուրհան Արք. Մանուկեան

Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք