Եբրայերէն լեզուով հրապարակուող «Մաարիֆ» թերթը նշած է, որ իսրայէլեան բանակի սպաներէն զօրավար Իսհաք Պրէք 200 էջնոց զեկուցագիր մը ղրկած է Պատերազմական գործողութիւններու նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանին, Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար Ղատի Այզնքոթին եւ Քնիսէթի մէջ արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան պատասխանատու անդամներուն:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, զեկուցագիրին մէջ տեղեկութիւններ կան իսրայելեան բանակի մարտունակութեան եւ պատերազմելու պատրաստուածութեան շուրջ:
Պրէքի պնդմամբ, իսրայէլեան բանակը մօտ ապագային անկարող է որեւէ պատերազմ մղելու եւ պատրաստ չէ անոր: Որպէս գլխաւոր պատճառ, Պրէք նշած է բանակի անդամներու թիւի նուազումը, որ իր մեծ ազդեցութիւնն ունեցաւ զինուած ուժերու պատրաստուածութեան վրայ: