6 Ապրիլին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերու կապի զօրքերը պիտի սկսին ռազմավարական ու յատուկ համատեղ զօրավարժութիւններ, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ 8 ապրիլը, կը գրէ kommersant.ru-ը։
«Զօրավարժութիւնները, որոնք պիտի իրականացուին ժամանակակից կապի կառոյցներու եւ կառավարման ինքնաշխատացուած համակարգերու օգտագործմամբ, պիտի իրականացնեն զօրքերու փոխգործակցութեան կազմակերպման, դաշտային հրամանատարական կայաններու տեղակայման եւ այլ գործողութիւններու խնդիրները», — ըսուած է Ատրպէյճանի ՊՆ յայտարարութեան մէջ:
Ատրպէյճանի ՊՆ-էն չեն յստակեցուցած, թէ ճիշդ ուր տեղի պիտի ունենան զօրավարժութիւնները: Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը չէ մեկնաբանած զօրավարժութիւններու մասին տեղեկատուութիւնը:
Նշուած է, որ երկու երկիրներու զինուած ուժերու համատեղ զօրավարժութիւնները յաճախակի դարձած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք եւ, որ Թուրքիան կ'աջակցէր Ատրպէյճանին տարածաշրջանին մէջ առկայ հակամարտութեան:
Թուրքիոյ յատուկ նշանակութեան ջոկատները 29 մարտէն 2 ապրիլը զօրավարժութիւններ կատարած են ատրպէյճանական զինուժի հետ Թուրքիոյ հարաւ-արեւմուտքին մէջ: