image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլի բանակն «անկարող» է. Իսրայէլացի զօրավար

Իսրայէլի բանակն «անկարող» է. Իսրայէլացի զօրավար

Եբրայերէն լեզուով հրապարակուող «Մաարիֆ» թերթը նշած է, որ իսրայէլեան բանակի սպաներէն զօրավար  Իսհաք Պրէք 200 էջնոց զեկուցագիր մը ղրկած է Պատերազմական գործողութիւններու նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանին, Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար Ղատի Այզնքոթին եւ Քնիսէթի մէջ արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան պատասխանատու անդամներուն: 

Աղբիւրին փոխանցմամբ, զեկուցագիրին մէջ տեղեկութիւններ կան իսրայելեան բանակի մարտունակութեան եւ պատերազմելու պատրաստուածութեան շուրջ:
Պրէքի պնդմամբ, իսրայէլեան բանակը մօտ ապագային անկարող է որեւէ պատերազմ մղելու եւ պատրաստ չէ անոր: Որպէս գլխաւոր պատճառ, Պրէք նշած է բանակի անդամներու թիւի նուազումը, որ իր մեծ ազդեցութիւնն ունեցաւ զինուած ուժերու պատրաստուածութեան վրայ: