image

Իսրայէլեան բանակը յատուկ միջոցներու կը դիմէ լիբանանեան սահմանին. «Haaretz»ի կարեւոր տուելաները

Իսրայէլեան բանակը յատուկ միջոցներու կը դիմէ լիբանանեան սահմանին. «Haaretz»ի կարեւոր տուելաները

Իսրայէլեան «Haaretz» պարբերականը մանրամասն յօդուած մը հրապարակած է Իսրայէլ-Լիբանան հիւսիսային սահմանին վրայ տիրող ընդհանուր իրավիճակին վերաբերեալ:

Աղբիւրը անդրադարձած է յատկապէս վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերուն, ըստ որոնց «Հըզպալլա» յաջողած է գետնափոր ուղիներ բանալ, որոնք կը սկսին լիբանանեան սահմանէն եւ կը հասնին Իսրայէլի խորքը:

«Haaretz» նաեւ նշած է, որ իսրայէլեան բանակը աւելի վաղ յատուկ ջոկատ մը ուղարկած է Եւրոպա, որուն գլխաւոր նպատակն էր մարզումներ կատարել լեռնային շրջաններու մէջ, որպէսզի վերջիններս ծանօթանան, թէ ինչպէս պէտք է վարուիլ յայտնաբերուած գետնուղիներու պարագային:

Յիշեցնենք նաեւ, որ վերջին տուեալներուն համաձայն, իսրայէլեան բանակը մինչեւ այս պահը յաջողած է երեք գետնափոր ուղիներ բացայայտել եւ ըստ երեւոյթին  նաեւ գործի դրած  է «Հիւսիսի վահան» անունով գործողութիւն մը, որուն նպատակն է հիմնապէս քանդել «Հըզպալլա»ի կողմէ կառուցուած գետնափոր ուղիները:

Յայտնենք նաեւ, որ այս առումով «Հըզպալլա» ոչ մէկ մեկնաբանութիւն տուած է մինչեւ այս պահը: