image

Փաշինեան պիտի չունենայ ձայներու մեծամասնութիւն. Սերժ Սարգսեանի կարեւոր յայտարարութիւնը

Փաշինեան պիտի չունենայ ձայներու մեծամասնութիւն. Սերժ Սարգսեանի կարեւոր յայտարարութիւնը

 

Ես 30 տարի եղած եմ այն իրադարձութիւններու կեդրոնը, որ կը վերաբերէր մեր ժողովուրդի ճակատագրին, ընթացքին զբաղցուցած եմ բարձրաստիճան պաշտօններ եւ աշխատանքի բերումով կը տիրապետեմ հսկայական թուով գաղտնի տեղեկատուութեան։ Արարատի մարզին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպմանն այսպէս ըսած է երրորդ նախագահ, «Պատիւ ունեմ» դաշինքի առաջնորդ Սերժ Սարգսեանը։

 

«Բնականաբար այդ տեղեկութիւնների մասին գրեթէ չեմ խօսել եւ շատ-շատ բանի մասին չեմ խօսելու, որովհետեւ ոչ թէ օրէնքով արգելուած է, կամ ես քչախօս եմ, այլ որովհետեւ որեւէ քայլով ես երբեք չեմ վնասել եւ չեմ վնասելու մեր երկրի, մեր ժողովրդին, նրա անվտանգութեանը։ Դրանք այնպիսի տեղեկութիւններ են, որոնց մասին նորմալ մարդը ուղղակի չպէտք է խօսի»,-ըսած է ան։

Սերժ Սարգսեանը սակայն նշած է, որ երէկ երեկոյեան փաստ մը ուրախութիւն պատճառած է իրեն։ «Ես հնարաւորութիւն եմ ունեցել երէկ ծանօթանալու մի գաղտնի զեկոյցի, որում ամփոփուած էր պատկան մարմինների վիճակագրական տուեալներ, եւ այդ վիճակագրական տուեալները համապարփակ ամբողջ հանրապետութեան ծաւալով էին եւ վերաբերում էին ընտրութիւնների արդիւնքներին։ Այդ փաստաթղթի համաձայն՝ կապիտուլիանտը այլեւս չունի ձայներու մեծամասնութիւն,- ըսած է ան։