image

Զմմառու պատմական վանքին մէջ կարեւոր ժողովը ընթացքի մէջ է. Պիտի ընտրուի Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս պատրիարքը

Զմմառու պատմական վանքին մէջ կարեւոր ժողովը ընթացքի մէջ է. Պիտի ընտրուի Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս պատրիարքը

Երեքշաբթի առաւօտ, Զմմառու դարաւոր վանքին մէջ ընթացք առած է Հայ կաթողիկէ Կաթողիկոս պատրիարքի ընտրութեան Սուրբ Սինոտը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութէն:

Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ այս Սինոտի գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ վերջերս նորոգ վախճանեալ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կապրոյեանի յաջորդը ընտրելը:

Ժողովին կը մասնակցին 12  գերապայծառներ՝ Հայ կաթողիկէ համայնքի աշխարհատարած բոլոր թեմերէն:

Ըստ Սինոտոսի կանոններուն, ժողովին մասնակից բոլոր միաբան հայրերը թեկնածու են՝ ընտրուելու Կաթողիկոս պատրիարք Կաթողիկէ համայնքին եւ  անոնցմէ մէկուն պիտի վիճակուի բախտը դառնալու յաջորդ Հայ կաթողիկէ Կաթողիկոս պատրիարք:

Աւարտին, նշենք, որ ժողովը պատրիարքի ընտրութեան օրակարգի կողքին նաեւ պիտի քննարկէ համայնքային, թեմական, կրօնական, ընկերային, մշակութային ու նաեւ ընդհանուր համայնքը յուզող գլխաւոր հարցեր: