image

ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ ընդունած է Երեւան ժամանած Սուրիոյ խորհրդարանականներուն

ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ ընդունած է Երեւան ժամանած Սուրիոյ խորհրդարանականներուն

Հայաստանի Ազգայի ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը 29 նոյեմբերին ընդունած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Ժողովրդական ժողովի պատգամաւորներ Օմար ալ Արապն ու Ալան Պաքերին: Հանդիպման ներկայ եղած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Իսսամ Նայալը:

ԱԺ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը կարեւոր համարած է երկու երկիրներու միջեւ փոխգործակցութիւնն ու այդ հարցով առանձնակի տեղ յատկացուցած միջխորհրդարանական կապերու ամրապնդման: Ան երախտագիտութիւն յայտնած է Սուրիոյ խորհրդարանին` նախորդ տարի Հայոց ցեղասպանութեան հարցի քննարկման ուղղուած քայլերուն համար:

Հանդիպման անդրադարձ կատարուած է Սուրիոյ մէջ առկայ ճգնաժամին. ԱԺ փոխնախագահը սուրիացի ժողովուրդին մաղթած է տոկունութիւն, յոյս յայտնել, որ շուտով երկրին մէջ տիրէ խաղաղութիւն եւ օրինականութիւն: Էդուարդ Շարմազանով ընդգծած է Հայաստանի դիրքորոշումը ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ եւ վստահեցուցած, որ հայ խորհրդարանականները պատրաստ են միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ իրենց ձայնը բարձրացնել սուրիական խնդրի խաղաղ կարգաւորման համար:

Սուրիացի խորհրդարանականները նոյնպէս կարեւոր համարած են միջխորհրդարանական կապերու սերտացումը եւ նշած, որ Սուրիոյ խորհրդարանի համապատասխան յանձնաժողովներուն մէջ կ՛ընթանան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ հարցի քննարկումները:

Անոնք ՀՀ ԱԺ փոխնախագահին հրաւիրած են պաշտօնական այցով Սուրիա մեկնելու: