image

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունած է Անթոնի Պլինքընը «Համակրանք ունիմ ամերիկացի ժողովուրդին հանդէպ» ըսած է պապը

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունած է   Անթոնի Պլինքընը «Համակրանք ունիմ ամերիկացի   ժողովուրդին հանդէպ» ըսած է պապը

Վատիկանի մէջ, տեղի ունեցած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքընի հանդիպումը, որու ժամանակ Պապը իր «համակրանքը» յայտնած է ամերիկացի ժողովուրդի նկատմամբ, հաղորդած է AP-ն։

Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Պլինքընի առանձնազրոյցը տեւած է մօտ 40 րոպէ, ինչ որ, ինչպէս նշած են լրատուամիջոցները, բաւական երկար է՝ հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Պլինքըն ԱՄՆ-ի վարչակազմի բարձրագոյն ղեկավարը չէ:

Վատիկանի ներկայացուցիչ՝ Մաթիօ Պրունին յայտնած է, որ հանդիպումը անցած է «ջերմ մթնոլորտի մէջ» եւ Հռոմի Պապը ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարին փոխանցած է ամերիկեան ժողովուրդի նկատմամբ իր համակրանքը։

Իր հերթին, Պլինքըն, նկարագրելով Հռոմի Պապի հետ հանդիպումը, նշած է, թէ «շատ գոհ է անոր հետ հանդիպումէն, որու ընթացքին քննարկած են համավարակի, կլիմայի փոփոխութիւններու դէմ պայքարի եւ փախստականներու հետ կապուած հարցեր»։