Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ Հայկ Խանումեան ծեծի ենթարկուած է: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Առաջին լրատուական»ը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Խանումեան փոխադրուած է Ստեփանակերտի հիւանդանոց: Հայկ Խանումեան ընդդիմադիր «Ազգային վերածնունդ» կուսակցութեան նախագահն է: