image

Երուսաղէմի մէջ հայ հոգեւորական մը յարձակման ենթարկուած է

Երուսաղէմի  մէջ  հայ հոգեւորական  մը յարձակման ենթարկուած է

Հրատապ. Երուսաղէմի մէջ Հայոց Միաբանութեան անդամ հոգեւորականներէն մին յարձակման ենթարկուած է։ Դէպքը կատարած են ծայրայեղական Հրեաներ։ Հայր Սուրբին ցուցաբերուած է նախնական բուժօգնութիւն եւ անոր կեանքին վտանգ չկայ։
Կան նաեւ տուեալներ, որ յանցանքը գործողները ձերբակալուած են, իսկ Պատրիարքարանը այս բոլորի մասին պիտի անդրադառնայ յատուկ հաղորդագրութեամբ։
(Լուսանկարը՝ արխիւային)