image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանչիսքոս Պապին դէմ նոր արշա՞ւ. Մեղադրող գլխաւոր դէմքը Ֆիկարօ Գերապայծառն է

Ֆրանչիսքոս Պապին դէմ նոր արշա՞ւ. Մեղադրող գլխաւոր դէմքը Ֆիկարօ Գերապայծառն է

Հռոմի Ֆրանչոսկոս Պապը համարած է, որ կարիք չկայ պատասխանել այն մեղադրանքներուն, որոնք կը հնչեն իր դէմ, այն մասին, թէ ինք ծածկած է ամերիկացի քարտինալ Թիոտոր Մաքարիքի սեռական ոտնձգութիւնները պատանի վարդապետներու դէմ:

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին համաձայն, Իրլանտայէն Հռոմ վերադարձող Պապը օդանաւին մէջ լրագրողներու հարցերուն պատասխանելով նշած է, որ ոչ մէկ պատասխան կը պատրաստուի տալ զինք մեղադրողներուն:

Աղբիւրին համաձայն, Պապի դէմ ուղղուած մեղադրանքը բաց նամակով մը հրապարակած էր Ուաշինկթընի մօտ Վատիկանի նախկին դեսպան Քարլօ Մարիա Ֆիկարօ եպիսկոպոսը, նշելով, որ  Ֆրանչոսկոս Պապը չեղարկած է իր նախորդին կողմէ Մաքարիքի դէմ սահմանուած պատիժները, միաժամանակ վերացնելով վերջինիս դէմ տրուած եկեղեցւոյ անդամներու ցուցմունքները:

Պապը լրագրողներուն կոչ ուղղած է կարդալ հրապարակուած յօդուածն ու անձամբ դատել: