«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը Կլենտէյլի Քաղաքացիական սպասարկութեան յանձնաժողովի անդամ իրաւաբան Կարօ Ղազարեանը:
-Ի՞նչ են ձեր ակնկալիքները յառաջիկայ ընտրութիւններէն։
Կը տատամսիմ ակնկալիքներ ունենալէ, նկատի ունենալով խայտառակ բառապաշարով զինուած քարոզարշաւները: Կը յուսամ, որ ուժերու միացումով Ազգային Ժողով կը կ'երտուի:
-Ներքին լարուածութիւնը կը շարունակուի, մեծ հաշուով բախումներու կամ յաւելեալ լարուածութեան մտավախութիւններ ունի՞ք։
Մտավախութիւններ ունիմ նկատի առնելով ատելութեան բացայայտ կոչերը :
-Նոր խորհրդարանի կազմութենէն ու կառավարութեան կազմութեան յաջողումէն ետք ի՞նչ պէտք է ըլլան Հայաստանի իշխանութիւններուն ընելիքները։
Նորընտրեալ իշխանութիւնները պէտք է վերջ դնեն քարկոծամներուն եւ կերտեն կայուն երկիր ու կայուն ապագայ. այլապէս անդունդի առաջ կանգնած ենք ազգովի:
Եւ անշուշտ մեր պատմութեան այս ճգնաժամային հանգրուանին անհրաժեշտ է նաեւ համախմբել հայկական սփիւռքը: