Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան յայտնի դէմքերէն՝ երեսփոխան Ժորժ Ըտուան, երէկ պատկերասփռուած յայտագրի մը ընթացքին խօսած է Լիբանանի պատերազմի ամենասեւ էջերէն մէուն մասին: Խօսքը կը վերաբերի Ըհտէն աւանի մէջ տեղի ունեցած ոճրագործութեան, որուն հետեւանքով սպաննուեցան Լիբանանի նախկին նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի որդին Թոնի Ֆրանժիէն, ինչպէս նաեւ անոր զաւակներէն մին:
Ըտուան այս մասին խօսելով, յայտնած է, որ Ըհտէնի ոճրագործութեան հեղինակը խորքին մէջ Լիբանանեան ուժերու նախագահ Սամիր Ժահժահը չէր, այլ այդ գործողութեան կը մասնակցէր նաեւ Էլի Հըպայգան, ինչպէս նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան տարբեր խմբաւորումներ:
Յիշեցնենք, որ Ըհտէնի դէպքը դարձեալ օրակարգի թեմայ կը դառնար, երբ Լիբանանի Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ քննադատելով Լիբանանեան ուժեր- Ալ-Մարատա կուսակցութիւններու մերձեցումը եւ անոնց ղեկավարութեան միջեւ տեղի ունեցած աննախադէպ հանդիպումը, իր քննադատութիւնները ուղղելով Ալ-Մարատա կուսակցութեան ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէին, ըսած էր, որ «հասկնալի է, երբ անձ մը կը ներէ իր հօրը սպաննութիւնը կատարողին, կը ներէ նաեւ անոր, որ իրմէ փախցուց նախագահական աթոռը»:
Նշենք, որ այս բոլոր խօսակցութիւները լսելի կը դառնան, յատկապէս, որովհետեւ կը մօտենայ Լիբանանի նախագահական յաջորդ ընտրութիւններու թուականը եւ այդ առումով գլխաւոր թեկնածու կը համարուին Լիբանանեան ուժերու նախագահ Սամիր Ժահժահը, Ալ-Մարատա կուսակցութեան ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի գործող Արտաքին գործոց նախարար եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլը: