image

Հարցադրումներ սփիւռքեան ինքնութեան մասին. Լոյս տեսած է «Բագին» ամսագրի նոր համարը

Հարցադրումներ  սփիւռքեան  ինքնութեան մասին. Լոյս  տեսած է  «Բագին» ամսագրի  նոր համարը

 Օրերս   Պէյրութի  մէջ լոյս  տեսած է «Բագին» ամսագրի   նոր համարը  (Կ.տարի, թիւ 1 Մարտ 2021)։

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ    վերջին տարիներուն  թարմացուած   ոճով  ու  երիտասրդ ոգիով լոյս  տեսնող    պարբերականի  խմբագիրն է    Գանատա  հաստատուած    գրող (արմատներով Այնճարէն)  Սոնիա-Սանան Քիլէճեան-Աճէմեան։

 

  Այս առթիւ ալ   հանրութեան կը ներկայացնենք   «Բագին»ի  այս  թիւի   խմբագրականը։

 

 Բարի  երթ   «Բագին»ին

 

Ինչպէ՞ս ապրիլ սփիւռքեան ինքնութիւն մը։ Ինչպէ՞ս կիսել զայն ու փորձարկել։ Ահաւասիկ հարցումներ, որոնք ընդհանուր ըլլալով հանդերձ` կ՚առնչուին բոլորիս կեանքերուն, երբ կը փորձենք ապրիլ ու մեր կեանքերը բաժնեկցիլ ուրիշներու հետ, հայրենիքէն ներս ու հայրենիքէն դուրս։ Կարելի է ըսել նաեւ լեզուէն ներս ու լեզուէն դուրս, որովհետեւ լեզուն ինքն ալ հայրենիք մըն է, որուն մէջ մարդիկ կ՚ապրին ու կը ստեղծագործեն։ Հոն ուր լեզուն ու հայրենիքը կը համընկնին, հարցերը նուազ բարդ կը թուին ըլլալ, առնուազն երեւութապէս։ Սակայն ընդունինք, որ շատերուս համար, հարցերը այնքան ալ պարզ չեն միշտ, մանաւանդ երբ կ՚ապրինք ու կը ստեղծագործենք մէկէ աւելի լեզուներու մէջ՝ միաժամանակ։ Լեզուները կը հրմշտկեն զիրար ու ինքնութիւններ կու գան բարդուիլ մէկը միւսին վրայ ու մէկը միւսին զուգահեռ, ու կը դառնանք բազմակի ինքնութիւններով շնչող անհատներ ու զանգուածներ, ամէն անգամ լեզու փոխելուն՝ նաեւ ինքնութիւն փոխող։ Այս բոլորը գուցէ կը խճողեն մեր ինքնագիտակցութեան բաւիղները, սակայն միաժամանակ զայն կը դարձնեն անհամեմատ աւելի ճոխ ու հարուստ։ 

Բազմամշակութայնութեան այս փորձառութիւնը յաճախ երաժշտութեան մէջ է որ կը գտնէ իր լաւագոյն արտայայտութիւնը, երբ երաժշտական ոճեր ու աւանդութիւններ կը միաձուլուին ու ծնունդ կու տան նորանոր ժանրերու։ Ի. դարուն երկայնքին ծաղկած երաժշտական արտադրութիւնը հոյակապ օրինակներ տուած է այս ծիրէն ներս, մանաւանդ ճազային երաժշտութեան ծնունդով ու զարգացման ընթացքով։ Երաժշտութիւնը ըլլալով միջազգային լեզու, լեզու մը որ անդին է անջատ բարբառներու բաբելոնեան խառնիճաղանճէն, կարելիութիւն կ՚ընձեռէ պարփակելու մարդկային փորձառութեան լայն աղեղը, ներառեալ սփիւռքեանը։ Կ՚ապրինք նաեւ որպէս երաժշտական արարածներ, մօր արգանդէն սկսեալ կը ներծծենք զայն մեր շրջապատէն ու կը ստեղծենք ամէն մէկս ինքնիր երաժշտութիւնը՝ նախասիրութիւններու, կարօտներու, սէրերու ու պայքարներու արտացոլումներով։ Կը ժառանգենք զայն տունէն ու ակումբէն, փողոցէն ու ձայնասփիւռէն ու անոր միջոցաւ կը բաժնենք մեր սէրերն ու ըղձանքները։ Անոր ելեւէջները մեզ կը կապեն մեզի նմաններուն հետ, կը հաւաքեն մեզ մէկ զարկով ու կշիռքով հնչող դաշնութեան մը օղակէն ներս ու հայելացումով կը սկսինք տեսնել մենք մեզ ու կերտել ինքնութիւն մը, որ մերն է ու համայն միաժամանակ։ Անահիտ Գասապեանի գրութիւնը այդ փորձառութեան ընդերքը կը փորձէ հնչեցնել, երաժշտական աւանդութիւն մը մատնանշելու ու կիսելու գործողութեան ընդմէջէն։ Որովհետեւ ինչպէս գիրը ու լեզուն, երաժշտութիւնն ալ պարունակ կրնայ հայթայթել սփիւռքեան փորձառութեան մը ծաղկումին ու արտայայտութեան, անով իսկ ստեղծելով ինքնութիւն մը փորձարկելու ու ապրելու հնարաւորութիւնը։