Յառաջիկայ օրերուն կը սպասուի, որ Դամասկոսի տարբեր շրջաններուն մէջ բողոքի ցոյցեր ըլլան: Այս մասին հաղորդած է «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայքը, նշելով, որ ցոյցերուն գլխաւոր պատճառը վերջին շրջանին շրջանառութեան մէջ դրուած եւ Կրօնից նախարարութեան յաւելեալ իրաւասութիւններ տալու խնդրայարոյց օրնագիծն է: Ըստ այդ օրինագիծին, Կրօնից նախարարութիւնը յաւելեալ իրաւասութիւններ եւ լծակներ պիտի ունենայ, ինչպէս նաեւ պիտի ստանձնէ կարեւոր դեր մը երկրին մէջ:
Յիշեցնենք, որ բողոքի ցոյցի կոչ ըրած եւ Սուրիոյ մէջ գործող տարբեր մարմիններ նկատել տուած են, որ նմանօրինակ օրէնք մը հարուած է երկրի աշխարհիկութեան (լայիսիզմին) եւ իրենք վճռած են անոր դէմ պայքարիլ մինչեւ վերջ:
Իր կարգին «Սուրիա Ալ-ուաթան» կուսակցութեան ղեկավար Մաժտ Նիազի, իր դիմատետրի էջին գրառում մը կատարելով, նկատել տուած է, որ իրենք պատրաստ են բողոքի մեծ ցոյցեր կատարելու, տապալելու համար այս օրինագիծը, որ իրենց կարծիքով կը հարուածէ սուրիական հայրենիքին լայիք, աշխարհիկ սկզբունքները, որուն համար ալ իրենք պատրաստ են պայքարելու մինչեւ վերջ:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ այս շարժումին դէմ եղող տարբեր խմբաւորումներ գրառումներ կատարած են դարձեալ ֆէյսպուքի վրայ, յիշեցնելով, որ իրենք եւս կը պատրաստուին հակացոյցեր կատարել, այս անգամ «Աուրաի Ալ-ուաթան» կուսակցութեան ղեկավար Մաժտ Նիազիի Դամասկոսի տան մօտ: