Յաջորդ երկու շաբթուայ ընթացքին ընտրութիւններու հետ կապուած երթեր կամ ցոյցեր կրնան տեղի ունենալ Երեւանի եւ Հայաստանի այլ վայրերու մէջ: Այս մասին զգուշացում տարածած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւնը՝ քաղաքացիներուն կոչ ընելով զգօն ըլլալ։
«ԱՄՆ քաղաքացիները պէտք է զգօնութիւն ցուցաբերեն, խուսափին մարդոց բազմութենէն եւ մշտապէս ըլլան զգօն ու կապ պահպանեն հարազատներու հետ»,-նշուած է զգուշացման մէջ։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել