image

Մատրիտի մէջ ցոյցեր. Կը բողոքեն Քաթալոնիոյ առաջնորդներու հաւանական ազատութեան դէմ

Մատրիտի մէջ ցոյցեր. Կը բողոքեն Քաթալոնիոյ առաջնորդներու հաւանական ազատութեան դէմ

 

Բանտը գտնուող քաթալոնացի անջատողականներուն ներում շնորհելու մասին վիճայարոյց ծրագրի դէմ բողոքի ցոյցեր կայացած են Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ: Այս մասին կը յայտնէ BBC լրատուականը նշելով, որ 2017 թուականին անկախանալու փորձի 12 մասնակիցները ներելու ծրագրի դէմ ցոյցին միացած են Սպանիոյ աջակողմեան կուսակցութիւններու առաջնորդները։

Ցոյցի մասնակիցները կը մեղադրեն ընկերվարականներու գլխաւորած Սպանիոյ կառավարութիւնը՝ ծրագիրը իրենց քաղաքական աջակցութիւնը զօրացնելուն ծառայեցնելու համար, սակայն կառավարութիւնը կը պնդէ, որ համաներման ծրագիրը կ'օգնէ հանդարտեցնլ Քաթալոնիոյ շուրջ լարուածութիւնը։ Վարչապետ Փետրօ Սանչեսը նշած է, որ տուեալ քայլը կրնայ սպանացիներու եւ քաթալոնացիներու մերձեցման միջոց ըլլալ։

Տեղական El Mundo թերթի իրականացուցած հարցման համաձայն՝ սպանացիներու 61 տոկոսը դէմ եւ 29,5 տոկոսը կողմ է համաներման վերաբերեալ օրէնսդրական նախագիծին։

Լրատուականը յիշեցուցած է, որ 2017 թուականին Քաթալոնիոյ անկախանալու փորձը վերջին 40 տարուան մեծագոյն քաղաքական ճգնաժամի սկիզբը դարձած է Սպանիոյ մէջ։ 2019 թուականին քաթալոնացի անջատողական առաջնորդներէն 9-ը մեղաւոր ճանչցուած են անկախութեան ապօրինի հանրաքուէին մէջ ունեցած իրենց դերակատարման համար, իսկ միւս 3-ը մեղաւոր ճանչցուած են անհնազանդութեան համար։