Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի հայկական պատուիրակութեան անդամ, ԱԺ ԲՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Նայիրա Զոհրապեան կը կարծէ, որ ազրպէյճանական քաղաքացիական հասարակութեան 30 ներկայացուցիչի կողմէ մշակուած յայտարարութիւնը, ըստ որուն, ԵԽԽՎ-ին կոչ կ'ուղղուի կազմակերպութենէն ներս Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը զրկել ձայնի իրաւունքէն, ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնբրէս» գործակալութիւնը:
Անոր խօսքով, մինչեւ այս դէպքն ալ եղած են բազմաթիւ յայտարարութիւններ՝ ուղղուած Եւրոպական Խորհուրդին, որուն ղեկավարութիւնը հաշուի չէ առած զանոնք: «Այդ նոյն կոռուպցիոն սկանդալի մէջ շօշափւում է նաեւ ԵԽԽՎ նախագահ Փետրօ Արկամունդի անունը: Միլանի դատախազութիւնը Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Լուքա Վոլոնթէի նկատմամբ քրէական գործ է յարուցել կոռուպցիոն սկանդալում ներգրաւուած լինելու համար, եւ նա համաձայնել է համագործակցել եւ տուել է Ակրամունդի անունը: Մեր հաւաստի տեղեկութիւններով՝ իր ցուցմունքներում Վոլոնթէն նաեւ տուել է Լիբերալ դեմոկրատների խմբի ղեկավար Ճորտի Խուկլա Քոսթայի անունը, այսինքն՝ Ազրպէյճանի իշխանութիւնների կոռուպցիոն ամբողջ սխեման արդէն իսկ բացայայտուած է: Աւելին ասեմ, ոչ միայն Ազրպէյճանի քաղհասարակութիւնը, այլեւ, մեր տեղեկութիւններով, նաեւ եւրոպացի բազմաթիւ պատգամաւորներ առաջիկայ յունուարեան նստաշրջանում բարձրացնելու են Փետրօ Ակրամունդին անվստահութիւն յայտնելու հարցը: Կարծում եմ՝ այս նստաշրջանին ինչ-որ զարգացումների ականատեսը կը լինենք»,- յայտնած է պատգամաւորը:
Նայիրա Զոհրապեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ տակաւին յայտնի չէ, թե հայկական պատուիրակութիւնը ինչ կազմով հանդէս պիտի գայ յառաջիկայ նստաշրջանին: «Հայաստանն իր անելիքները գիտի, նախապատրաստւում ենք: Դեռ նախընտրական փուլն է, սակայն վստահ եմ՝ ինչ կազմով էլ լինի, պատշաճ կերպով մեր քայլերը կը ներկայացնենք»,- ընդգծած է ԱԺ պատգամաւորը:
Յիշեցնենք, որ ԵԽԽՎ ձմեռնային նստաշրջանը պիտի կայանայ 23-27 Յունուարին: օրեր առաջ ազրպէյճանական խաւիարային դիւանագիտութեան մասին յայտնի դարձած էր Միլանի դատախազութեան ԵԽԽՎ նախկին փոխնախագահ, Եւրոպայի Ժողովրդական Կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Լուքա Վոլոնթէի նկատմամբ յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս: Այդ մասին 2016 թուականին «Խաւիարային դիւանագիտութիւն. եւրոպական ճահիճ» խորագիրը կրող զեկոյց հրապարակած էր «Կայունութեան Եւրոպական Նախաձեռնութիւն»ը: