image

Թոյլ պիտի չտանք, որ Իրանը կորիզային զէնք ունենայ. Ճօ Պայտըն

Թոյլ պիտի չտանք, որ Իրանը կորիզային զէնք ունենայ. Ճօ Պայտըն

«Միացեալ Նահանգները թոյլ չի տար, որ Իրանը միջուկային զէնք ունենայ»։ Այս մասին երկուշաբթի օր յայտարարած է ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտընը, Իսրայէլի նախագահ՝ Ռէուվէն Ռիվլինի հետ Սպիտակ տան մէջ կայանալիք բանակցութիւններէն առաջ, տեղեկացուցած է ԹԱՍՍ-ը։

«Իրանը երբեւէ միջուկային զէնք չ'ունենար իմ նախագահութեան օրօք»,- նշած է Պայտըն յայտարարելով, որ Իրանի շուրջ իրավիճակը կը քննարկէ Ռիվլինի հետ։

Պայտըն աւելցուցած է, որ կարգադրած է օդային հարուածներ հասցնել Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ Իրանի կողմէ աջակցուող խմբաւորումներու կառոյցներուն, որոնք, Ուաշինկթընի վարկածով, կը յարձակէին ամերիկացի զինծառայողներուն վրայ։ Նախագահը պարզաբանած է, որ ամերիկեան սահմանադրութեան երկրորդ յօդուածը, թոյլ կու տայ գլխաւոր հրամանատարին դիմել ռազմական գործողութիւններու՝ որպէս ինքնապաշտպանութիւն։

ԱՄՆ-ի նախագահը նաեւ ընդգծած է, որ իր պարտաւորութիւնները Իսրայէլի հանդէպ «անփոփոխ» են եւ որ ինքը «անսասան» հաւատարիմ է հրէական պետութեան ինքնապաշտպանութեան։

Ռավլին նշած է, որ Իսրայէլը աւելի լաւ դաշնակից չունի, քան Միացեալ Նահանգները, եւ որ ժողովրդավարական արժէքները կը կապեն երկու երկիրները։