image

Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը ձայնի իրաւունքէ զրկելու ԵԽԽՎ-ին ուղղուած կոչը ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ. Զոհրապեան

Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը ձայնի իրաւունքէ զրկելու ԵԽԽՎ-ին ուղղուած կոչը ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ. Զոհրապեան

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի հայկական պատուիրակութեան անդամ, ԱԺ ԲՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Նայիրա Զոհրապեան կը կարծէ, որ ազրպէյճանական քաղաքացիական հասարակութեան 30 ներկայացուցիչի կողմէ մշակուած յայտարարութիւնը, ըստ որուն, ԵԽԽՎ-ին կոչ կ'ուղղուի կազմակերպութենէն ներս Ազրպէյճանի պատուիրակութիւնը զրկել ձայնի իրաւունքէն, ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնբրէս» գործակալութիւնը:

Անոր խօսքով, մինչեւ այս դէպքն ալ եղած են բազմաթիւ յայտարարութիւններ՝ ուղղուած Եւրոպական Խորհուրդին, որուն ղեկավարութիւնը հաշուի չէ առած զանոնք: «Այդ նոյն կոռուպցիոն սկանդալի մէջ շօշափւում է նաեւ ԵԽԽՎ նախագահ Փետրօ Արկամունդի անունը: Միլանի դատախազութիւնը Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Լուքա Վոլոնթէի նկատմամբ քրէական գործ է յարուցել կոռուպցիոն սկանդալում ներգրաւուած լինելու համար, եւ նա համաձայնել է համագործակցել եւ տուել է Ակրամունդի անունը: Մեր հաւաստի տեղեկութիւններով՝ իր ցուցմունքներում Վոլոնթէն նաեւ տուել է Լիբերալ դեմոկրատների խմբի ղեկավար Ճորտի Խուկլա Քոսթայի անունը, այսինքն՝ Ազրպէյճանի իշխանութիւնների կոռուպցիոն ամբողջ սխեման արդէն իսկ բացայայտուած է: Աւելին ասեմ, ոչ միայն Ազրպէյճանի քաղհասարակութիւնը, այլեւ, մեր տեղեկութիւններով, նաեւ եւրոպացի բազմաթիւ պատգամաւորներ առաջիկայ յունուարեան նստաշրջանում բարձրացնելու են Փետրօ Ակրամունդին անվստահութիւն յայտնելու հարցը: Կարծում եմ՝ այս նստաշրջանին ինչ-որ զարգացումների ականատեսը կը լինենք»,- յայտնած է պատգամաւորը:

Նայիրա Զոհրապեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ տակաւին յայտնի չէ, թե հայկական պատուիրակութիւնը ինչ կազմով հանդէս պիտի գայ յառաջիկայ նստաշրջանին: «Հայաստանն իր անելիքները գիտի, նախապատրաստւում ենք: Դեռ նախընտրական փուլն է, սակայն վստահ եմ՝ ինչ կազմով էլ լինի, պատշաճ կերպով մեր քայլերը կը ներկայացնենք»,- ընդգծած է ԱԺ պատգամաւորը:

Յիշեցնենք, որ ԵԽԽՎ ձմեռնային նստաշրջանը պիտի կայանայ 23-27 Յունուարին: օրեր առաջ ազրպէյճանական խաւիարային դիւանագիտութեան մասին յայտնի դարձած էր Միլանի դատախազութեան  ԵԽԽՎ նախկին փոխնախագահ, Եւրոպայի Ժողովրդական Կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Լուքա Վոլոնթէի նկատմամբ յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս: Այդ մասին 2016 թուականին «Խաւիարային դիւանագիտութիւն. եւրոպական ճահիճ» խորագիրը կրող զեկոյց  հրապարակած էր «Կայունութեան Եւրոպական Նախաձեռնութիւն»ը: