image

Նաիրա Զոհրապեանը այսուհետեւ ԲՀԿ-ի խմբակցութեան անդամ չէ

Նաիրա Զոհրապեանը այսուհետեւ ԲՀԿ-ի խմբակցութեան անդամ չէ

 Հայաստանի Ազգային Ժողովի անդամ Նաիրա Զոհրապեան այսօր գրառումով մը հաստատած է, որ այսուհետեւ անդամ չէ ԲՀԿ խմբակցութեան ու հետեւաբար կը դադրի այդ խմբակցութեան քարտուղարի պաշտօնը վարելէ։

 Իր որոշումը երկրին մէջ տիրող ծանր իրավիճակին վերագրելով Զոհրապեան նաեւ գրած է, որ շատ հաւանաբար յառաջիկայ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի, որպէս անկախ պատգամաւոր, կամ այլ քաղաքական ցուցակի անդամ։

 

 

 Զոհրապեան այս առումով մասնաւորապէս գրած է ՝ « Ես վայր եմ դնում «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղարի պարտականութիւնները եւ յառաջիկայ ընտրութիւններին չեմ մասնակցելու ԲՀԿ համամասնական ցուցակով»։