Լիբանանի Ազգային լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, որ լիբանանեան բանակը փակած է Այն Ալ Հլուա գաղթակայանի զուգահեռ Սերոբ Աղբիւր փողոց տանող ճամբան:
Աղբիւրին փոխացմամբ, երէկ առաւօտեան ժամերէն Սայտայի մէջ մեծ թիւով անվտանգութեան ուժերու միաւորներ տարածուած են, մասնաւորապէս կառավարութեան պալատի շրջակայքն ու գաղթակայանի մօտակայ ճանապարհները:
Աղբիւրին տուեալներով, արտակարգ իրավիճակի պատճառը Սերոպ Աղբիւր փողոցին վրայ գտնուող «Ալ Ֆաթհ» շարժման տիրապետութեան տակ գտնուող «Ալ Թայյար» այգին բանակին յանձնելու գործողութիւնն ապահովելն է: