8 Յունիսին, «Արմենիա» բժշկական կեդրոնի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ մահացած է Արագածոտնի մարզի բնակիչ՝ 84-ամեայ Սոֆիկ Բզնունին։
Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ, վերջինս «Աշտարակ» բժշկական կեդրոն տեղափոխուած է 7 Յունիսին «շան կծած վէրքեր, հոգեխոցի շոք» ախտորոշմամբ, ուր առաջին բուժօգնութիւնը ստանալէ ետք շտապօգնութեան մեքենայով տեղափոխուած էր «Արմենիա» բժշկական կեդրոն։
Հիւանդանոց մեկնած ոստիկանութեան ծառայողները պարզած են, որ 7 Յունիսին, ժամը 10։30-ի սահմաններուն Ս. Բզնունին Սասունիկ համայնքի վարչական տարածքին մէջ գտնուող աղբավայրին կից խաղողի իր այգիին մէջ աշխատանքներ կատարելու ժամանակ, թափառող շուները յարձակած են անոր վրայ, որու հետեւանքով ալ պատճառուած են վնասուածքներ։
Փաստի առթիւ ոստիկանութեան Աշտարակի բաժնի հետաքննական բաժանմունքին մէջ նիւթեր կը նախապատրաստուին։