Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 21-ին ընդունած է սոյն թուականի ապրիլի սկիզբը հակառակորդին կողմէ սանձազերծուած պատերազմին ընթացքին հերոսաբար զոհուած Արցախի հերոս Ռոպերթ Ապաճեանի հարազատները:
ԼՂՀ նախագահի մամուլի գրասենեակէն կը յայտնեն, որ Բակօ Սահակեան նշած է, որ Ռոպերթ Ապաճեանի եւ միւս հերոսներուն սխրանքը ոսկէ տառերով գրուած է մեր պատմութեան մէջ` մարմնաւորելով հայ ժողովուրդի անպարտ ոգին, հայրենասիրութիւնն ու անձնուիրութիւնը: