image

Ռոպերթ Քոչարեանի Մանտաթը ստանալու հարցը տակաւին չէ վճռուած

Ռոպերթ  Քոչարեանի  Մանտաթը ստանալու հարցը  տակաւին չէ  վճռուած

«Պատգամաւորը անձեռնմխելի է, պատգամաւորի կարգավիճակ ունեցողը անձեռնմխելի է», այս մասին այսօրուայ դատական նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ ՀՀ երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբան՝ Արամ Վարդեւանեան։

Վարդեւանեանի խօսքով՝ այս պահու դրութեամբ Ռոպերթ Քոչարեան կը հանդիսանայ ընտրուած պատգամաւորի թեկնածու։

«Տուեալ դէպքում, ընտրուած պատգամաւորի թեկնածուն գրեթէ նոյնական ռեժիմն ունի պաշտպանուածութեան, ինչ արդէն իսկ պատգամաւորը», - ըսաւ փաստաբանը։

Այն հարցին, թէ Ռոպերթ Քոչարեանը կը վերցնէ՞ պատգամաւորական մանտաթը, Արամ Վարդեւանեան պատասխանեց. «Պահպանէք այդ հարցը, յուլիսի վերջին մեծ սիրով կը պատասխանենք»։

Նշենք, որ այսօրուայ դատական նիստին, դատաւոր Աննա Դանիբեկեանը յայտարարեց, թէ մինչեւ այսօր պարզ չէ, թէ ինչ կարգավիճակ ունին Ռոպերթ Քոչարեանն ու Արմէն Գէորգեանը։

«Եթէ նրանք ԱԺ պատգամաւոր են համարւում, ապա դատարանը պէտք է միջոցներ ձեռնարկի անձեռնմխելիութեան յաղթահարման ուղղութեամբ», - ըսաւ դատաւորը։

Վարդեւանեան ներկայացուց ԿԸՅ-ի (27․06․2021)-ի որոշումը 20 յունիսին կայացած ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններու քուէարկութեան արդիւնքները ամփոփելու մասին: Ըստ ԿԸՅ-ի որոշման՝ «Հայաստան» դաշինքը ստացած է 29 մանտաթ։

Պաշտպանը յիշեցուց, որ ԿԸՅ-ի որոշման հետ կապուած «Հայաստան» դաշինքը կը պատրաստուի դիմել Սահմանադրական Դատարան։ Այսպիսով, հարցի վերջնական լուծման ժամկէտը կը սպասուի մօտաւորապէս 26 յուլիսին։

Այս հարցը յստակացնելու համար դատական նիստը յետաձգուեցաւ աւելի քան մէկ ամիսով. յաջորդ դատական նիստը նշանակուեցաւ 3 օգոստոսի ժամը 13։00-ին։