image

Արցախի մէջ ձիւն կը սպասուի

Արցախի մէջ ձիւն կը սպասուի

2 փետրուարի գիշերը Արցախի հանրապետութեան մէջ կը նկատուի փոփոխական ամպամածութիւն, կը սպասուի ձիւն: Այս մասին «Արցախփրէս»-ին տեղեկացուցած են ԼՂՀ հիտրօ-օդերեւութաբանութեան պետական ծառայութենէն՝ աւելցնելով, որ հիւսիս-արեւելքէն քամիի հոսանքը պիտի ըլլայ՝ 3-8մ/վրկ արագութեամբ: Օդի ջերմաստիճանը գիշերը՝ -3 -8, ցերեկը՝ +3 +10:
Փետրուարի 3-6-ը հանրապետութեան մէջ կը սպասուը առանց տեղումներու եղանակ: Օդի ջերմաստիճանը գիշերը պիտի նուազի 6-8 աստիճանով, իսկ փետրուարի 5-6-ին պիտի բարձրանայ 3-6 աստիճանով: