image

Աննախընթաց քայլով մը Lիբանանի կառավարութեան կազմին մէջ չորս կին նախարարներ նշանակուեցան

Աննախընթաց քայլով մը Lիբանանի կառավարութեան կազմին մէջ չորս կին նախարարներ նշանակուեցան

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, ութը ամսուան պայքարէ երք, երէկ Լիբանան ունեցաւ նոր կառավարութիւն մը: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց LBCI կայանը:

Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի պատմութեան մէջ 30 նախարարներէ բաղկացած խորհուրդին մէջ չորս կիներ եկան զբաղեցնելու իրենց պաշտօնները:

Այս առումով իւրայատուկ էր Լիբանանեան ուժերու թեկնածու Մայ Շըտիաքի նշանակուիլը, որ դարձաւ տեղեկատւութեան նախարար, ինչպէս նաեւ Ռաիյա Հասանի նշանակուիլը, որ կը ներկայացնէր «Ալ-Մուսթաքպալ» հոսանքը եւ դարձաւ ներքին գործոց նախարարութեան անդամ:

Յիշեցնենք, որ միւս երկու նախարարները կը կոչուին Վիոլէթ Խայրալլա Սաֆատի եւ Նատա Պուսթանի:

Յիշեցնենք, որ Լիբանանեան ուժերու ներկայացուցիչ Մայ Շըտիաք տարիներ առաջ ենթարկուած էր ահաբեկչութեան փորձի եւ ան այդ պատճառով կորսնցուցած էր իր ոտքերէն մին: