Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, ութը ամսուան պայքարէ երք, երէկ Լիբանան ունեցաւ նոր կառավարութիւն մը: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց LBCI կայանը:
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի պատմութեան մէջ 30 նախարարներէ բաղկացած խորհուրդին մէջ չորս կիներ եկան զբաղեցնելու իրենց պաշտօնները:
Այս առումով իւրայատուկ էր Լիբանանեան ուժերու թեկնածու Մայ Շըտիաքի նշանակուիլը, որ դարձաւ տեղեկատւութեան նախարար, ինչպէս նաեւ Ռաիյա Հասանի նշանակուիլը, որ կը ներկայացնէր «Ալ-Մուսթաքպալ» հոսանքը եւ դարձաւ ներքին գործոց նախարարութեան անդամ:
Յիշեցնենք, որ միւս երկու նախարարները կը կոչուին Վիոլէթ Խայրալլա Սաֆատի եւ Նատա Պուսթանի:
Յիշեցնենք, որ Լիբանանեան ուժերու ներկայացուցիչ Մայ Շըտիաք տարիներ առաջ ենթարկուած էր ահաբեկչութեան փորձի եւ ան այդ պատճառով կորսնցուցած էր իր ոտքերէն մին: