image

2019-ին Սուրիոյ նախագահը պիտի կարողանայ տիրապետել ամբողջ երկրին. Տան Քոթս

2019-ին Սուրիոյ նախագահը պիտի կարողանայ տիրապետել ամբողջ երկրին. Տան Քոթս

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գաղտնի սպասարկութեան CIA-ի գլխաւոր պատասխանատու Տանի Քոթս երէկ ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրած է Քոնկրէսի առջեւ ընթացող լսումներուն ըթացքին:

Ան մասնաւորապէս նշած է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ընթացիկ 2019 տարուան ընթացքին պիտի կարողանայ իր տիրապետութեան տակ առնել բոլոր այն շրջանները, որոնք ներկայիս կը գտնուին Սուրիոյ իշխանութեան տիրապետութենէն դուրս:

Տան Քոթս նաեւ նշած է, որ Սուրիոյ իշխանութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ, հեռու մնալու համար Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ հետ որեւէ զինուորական բախումէ:

Քոթս նաեւ նշած է, որ յառաջիկայ փուլին շատ հաւանական է, որ Ասատ իր տիրապետութեան տակ առնէ Իտլիպը, որ ներկայիս կը համարուի ահաբեկիչ զինեալներու գլխաւոր կեդրոնատեղին:

Յիշեցնենք, որ այս յայտարարութիւնները տեղի կ'ունենան այն պահուն, երբ արաբական մէկէ աւելի մայրաքաղաքներ դրական նշաններ կ'ուղարկեն պաշտօնական Դամասկոսին: