image

Իրանի նորընտիր նախագահը ՄԱԿ-ի վեհաժողովին հրաւիրուած է

Իրանի նորընտիր նախագահը ՄԱԿ-ի վեհաժողովին հրաւիրուած է

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին հրաւիրուած է Սքոթլանտի Կլազկօ քաղաքին մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան հարցերով 26-րդ համաժողովին (COP26), կը հաղորդէ Tehran Times թերթը եւ կ'աւելցնէ, որ այն պիտի կայանայ Նոյեմբեր 1-12-ը՝ Միացեալ Թագաւորութեան նախագահութեան ներքոյ։

Ռայիսին, որ յաղթած է 18 Յունիսին կայացած նախագահական ընտրութիւններուն, պաշտօնը պիտի ստանձնէ Օգոստոսի կէսերուն։ Համաժողովին մասնակցելու պարագային սա, ամենայն հաւանականութեամբ, Իրանի նախագահի առաջին արտասահմանեան այցը պիտի ըլլայ։

Համաժողովը պիտի համախմբէ կողմերը՝ արագցնելու Փարիզի համաձայնագրի եւ Կլիմայի փոփոխութեան մասին ՄԱԿ-ի շրջանակային համաձայնագրի նպատակներու շուրջ գործողութիւնները։ Համաժողովին պիտի մասնակցին աւելի քան 70 նախագահներ, վարչապետներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։

Իրանը 2009 թուականին մասնակցած է Քոփենհակընի մէջ կայացած COP15 համաժողովին եւ նախագահի մակարդակով մասնակցած է Նիւ Եորքի մէջ կայացած «ՄԱԿ-ի կլիմայի համաժողով 2014»-ին, իսկ 2015 թուականին Փարիզի մէջ կայացած ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովին մասնակցած է փոխնախագահի մակարդակով։