image

200 միլիոն տոլարի սպառազինութեան մէկ մասը արդէն Հայաստան է. նախարար

200 միլիոն տոլարի սպառազինութեան մէկ մասը արդէն Հայաստան է. նախարար

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, այսօր մամլոյ ասուլիսին անդրադառնալով ՀՀ Զինուած ուժերու սպառազինութեան, նշեց, որ թեքնիկական միջոցներու համալրում տեղի ունեցած է: 

«Չեմ կարող բացել ցանկը, քանի որ գաղտնի է, բայց երկու հարիւր միլիոն տոլարով նախատեսուած սպառազինութեան մի մասն արդէն Հայաստանում է, մատակարարուած է Զինուած ուժեր եւ դրուած է ծառայութեան: Մնացած պայմանագրերն ընթանում են ըստ կնքուած ժամանակացոյցի, եւ հետամուտ ենք լինելու, որ շուտ ստանանք, քանի որ բանակի մարտունակութիւնը կախուած է սպառազինութիւնից»,-ըսաւ ան:

Վիգէն Սարգսեան նաեւ յայտնեց, որ այն, ինչ կը ստանան Ռուսաստանի Դաշնութենէն, չի կրնար լրացնել Զինուած ուժերու գերժամանակակից սպառազինութեան կարիքը եւ համագործակցութեան հնարաւորութիւններ կը փնտռեն նաեւ այլ գործընկերներու հետ: 

Ան նշեց, որ ժամանակակից սպառազինութեան ծանօթանալու համար կարեւոր են պարբերական այցերը: Նախարարը նաեւ ընդգծեց բանակի նկատմամբ հասարակութեան վստահութիւնը եւ թափանցիկութեան ապահովումը: