ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, այսօր մամլոյ ասուլիսին անդրադառնալով ՀՀ Զինուած ուժերու սպառազինութեան, նշեց, որ թեքնիկական միջոցներու համալրում տեղի ունեցած է:
«Չեմ կարող բացել ցանկը, քանի որ գաղտնի է, բայց երկու հարիւր միլիոն տոլարով նախատեսուած սպառազինութեան մի մասն արդէն Հայաստանում է, մատակարարուած է Զինուած ուժեր եւ դրուած է ծառայութեան: Մնացած պայմանագրերն ընթանում են ըստ կնքուած ժամանակացոյցի, եւ հետամուտ ենք լինելու, որ շուտ ստանանք, քանի որ բանակի մարտունակութիւնը կախուած է սպառազինութիւնից»,-ըսաւ ան:
Վիգէն Սարգսեան նաեւ յայտնեց, որ այն, ինչ կը ստանան Ռուսաստանի Դաշնութենէն, չի կրնար լրացնել Զինուած ուժերու գերժամանակակից սպառազինութեան կարիքը եւ համագործակցութեան հնարաւորութիւններ կը փնտռեն նաեւ այլ գործընկերներու հետ:
Ան նշեց, որ ժամանակակից սպառազինութեան ծանօթանալու համար կարեւոր են պարբերական այցերը: Նախարարը նաեւ ընդգծեց բանակի նկատմամբ հասարակութեան վստահութիւնը եւ թափանցիկութեան ապահովումը: