Լիբանանի մէջ առկայ տագնապերուն հետեւանքով երկրի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը մթութեան մատնուած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց՝ Lebanon on կայքէն։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, Պէյրութի կեդրոնական հատուածին մերձ գտնուող նախարարութիւնը հոսանքազրկուած է շէնքի ելեկտրական շարժակներու մազութի նիւթէն կտրուելէ ետք։
Կը նշուի նաեւ, որ նախարարութեան պաշտօնեաները, որոնք այս առաւօտ սովորականին պէս աշխատանքի ներկայացած են, հոսանքի չգոյութեան հետեւանքով ստիպուած են շէնքի դուրս մնալ եւ յայտնուիլ անգործութեան մէջ։
Տնտեսական իրավիճակը կը շարունակէ տագնապալի մնալ, ոչ միայն Պէյրութի, այլ երկրի ողջ տարածքով։