image

Քրէմլին. Կ՚ուսումնասիրենք Ասատի կողմէ կատարուած բացայայտումները

Քրէմլին. Կ՚ուսումնասիրենք Ասատի կողմէ կատարուած բացայայտումները

Եգիպտական «Ալ Ուաֆըտ» պարբերականը կը գրէ.

Ռուսաստանի Նախագահի մամուլի քարտուղար Տիմիթրի Փեսքով յայտնած է, թէ կ'ուսումնասիրուին Սուրիոյ Նախագահ Պաշար Ալ Ասատի յայտարարութիւնները այն մասին, թէ Թուրքիոյ Նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան Սուրիայէն զինեալներ փոխադրած է Ղարաբաղ:

Աւելի վաղ «Russia Today» հեռատեսիլային ալիքը հաղորդած է, թէ Փեսքովի խօսքերը կու գան որպէս մեկնաբանութիւն Սուրիոյ Նախագահին կողմէ այն հաստատումին, թէ Թուրքիոյ նախագահը Սուրիայէն Ղարաբաղ տեղափոխած է զինեալներ, Ղարաբաղի մէջ ընթացող պատերազմին մասնակցելու համար:

 «Արեւելք» աւելի վաղ  ամփոփ կերպով գրած էր նախագահ Ասատի այսօր առաւօտ կատարած յայտարարութիւններուն մասին։