image

Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Լաւալի յուշարձանը տեղադրուեցաւ նոր վայրի մը մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Լաւալի յուշարձանը տեղադրուեցաւ նոր վայրի  մը մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Լաւալի «Խաչելութիւն, Յարութիւն, Վերածնունդ» խորհրդանշող եւ «Յոյս» (l’Espoir) կոչուող յուշարձանը, որուն հեղինակն է գանատահայ քանդակագործ Արտօ Ջաքմաքճեանը, այժմ վերջնականապէս կը տեղադրուի Լաւալի կեդրոնական եւ աւելի տեսանելի վայրի մը մէջ՝ Parc des Coccinelles, հասանելի թէ՛ հայ համայնքին, թէ՛ հանրութեան, լիարժէքօրէն ծառայելով իր առաքելութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ուրացման դէմ պայքարին։

L’Espoir

À la mémoire des 1,5 million d’Arméniens

victimes du 1er Génocide du XXᵉ siècle

perpétré par le gouvernement turc en 1915.

Dans L’Espoir que de tels crimes contre l’humanité ne se reproduisent plus jamais …

Նոր կայքի որոշումը կայացած էր քաղաքապետարանի եւ Լաւալի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն միջեւ փոխադարձ համաձայնութեամբ։ Լաւալի քաղաքապետութիւնը պիտի ստանձնէ նոր վայրին մէջ տեղադրուած յուշարձանի պահպանման եւ հոգատարութեան պատասխանատուութիւնը: Յուշարձանին վրայ արձանագրուած յուշագրութիւնն ու մակագրութիւնը պիտի մնան անփոփոխ։