3 Յուլիսին, Արժանթինի մայրաքաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հարաւային Ամերիկայի ԹՈՒՄՕի առաջին կեդրոնին, ուր ամէն շաբաթ կրնան 6000 պատանիներ ուսում ստանալ:
Նախագիծը իրականացուած է Պուէնոս Այրէս քաղաքին եւ կրթութեան նախարարութեան համագործակցութեամբ։
Պուէնոս Այրէսի ԹՈՒՄՕ կեդրոնի պաշտօնական բացումի արարողութեան ներկայ եղան քաղաքապետ Խորխէ Մաքրի, կրթութեան նախարար Մերսետես Միկել եւ ԹՈՒՄՕի գործադիր տնօրէնուհի Մարի Լու Փափազեան
Նոր կեդրոնը կը գտնուի Հարաւային Ամերիկայի ձեւաւորման ամէնէն մեծ կեդրոնին մէջ՝ (Centro Metropolitano de Diseno – CMD), որ կառուցուած է 2000ականներու սկիզբը եւ կը տարածուի 14,000 քառակուսի մեթր տարածքի մը վրայ՝ նախատեսուած դասընթացքներու, ցուցադրութիւններու եւ ձեռնարկներու համար։
2026ին, Պուէնոս Այրէսի հարաւային եւ հիւսիսային հատուածներուն մէջ պիտի բացուին ԹՈՒՄՕի երկու կեդրոններ եւս, Արժանթինի մայրաքաղաքի պատանիներուն կարելիութիւն ընձեռելով ուսումնասիրել արհեստագիտութիւններու եւ ձեւաւորման մարզերը՝ անկախ իրենց ընկերային կարգավիճակէն։