Ելեւմտագէտ, ֆինանսական մասնագէտ՝ Արամ Չափարեան կը գրէ ՝
Հայաստան տուած վերջին այցելութեանս ընթացքին ուշադրութիւնս գրաւեց տնտեսական եւ քաղաքական իրականութիւն մը, որուն մասին կ'արժէ խորհրդածել: Հակառակ քարիւղի նման բնական հարստութիւններու բացակայութեան ինչպէս նաեւ պետութեան եկամուտի մնայուն աղբիւներու բացակայութեան, Հայաստանը կը ջանայ ոտքի կանգնիլ տարածաշրջանային բարդ միջավայրի մը մէջ, որ կը գտնուի համայնավարական եւ ընկերվարական ազդեցութեան տակ, ինչ որ իր ժխտական ազդեցութիւնը կ'ունենայ Հայաստանի տնտեսական եւ քաղաքական գործունէութեան վրայ:
Սակայն նախորդ եւ ներկայի այցելութիւններս բաղդատելով, ինծի այնպէս թուեցաւ, որ շօշափելի փոփոխութիւն մը կար տնտեսութեան մարզին մէջ: Ներկայի կառավարութիւնը մեծ ջանք կը թափէ տնտեսական բարելաւում իրագործելու եւ ընկերային կեանքի որակը բարձրացնելու համար, եւ ատիկա կ'ընէ պարտքի մեքանիզմներու միջոցաւ կանխիկ դրամ հոսեցնելով դէպի շուկայ, յատկապէս զարգացման ծրագիրներու համար հաստատուած հիմնադրամներու միջոցաւ: Այդ մօտեցումը պատճառ դարձած է դրամատնային մարզի աշխուժացման, իսկ դրամատնային մարզը իր կարգին ծանօթացուցած է վարկային ծառայութիւններ, ինչ որ զարկ տուած է գնելու կարողականութեան եւ գրաւած է ներդրողներ եւ զբօսաշրջիկներ: Ատիկա իր կարգին նպաստած է տնտեսական յառաջխաղացքի արձանագրութեան:
Սակայն այդ աճը լեցուն է վտանգներով: Պարտքերու վրայ հիմնուած կանխիկ դրամի հոսքը կը պահանջէ պարտքերը վճարելու կայուն կարողութիւն մը, իսկ ատիկա իր կարգին կը պահանջէ երկարաժամկէտ ապահովական եւ քաղաքական կայունութիւն: Եւ հոս է գլխաւոր հարցը. կայունութեան բացակայութիւնը կրնայ առաջնորդել պարտքեր վճարելու թերացման եւ տեղական թղթադրամի անկման, ճիշդ ինչ որ պատահեցաւ Լիբանանի մէջ: Հետեւաբար քաղաքական իմաստութիւնը կը պահանջէ զգուշութիւն, պետական պարտքը յստակ ռազմավարութեամբ մը կառավարելու միտում ինչպէս նաեւ հաւասարակշռութիւն՝ տնտեսական աճման եւ դրամական անկախութեան միջեւ:
Քաղաքական փիլիսոփայութեան տեսակէտէն, բնական աղբիւրներ չունեցող պետութիւն մը աւելի կախեալ կ'ըլլայ իր հիմնարկութիւններուն արդիւնաւէտութենէն, կառավարման թափանցիկութենէն եւ իր քաղաքական որոշումներուն անկախութենէն: Զարգացումը չի չափուիր միայն ծախսելու կարողութեամբ, այլեւ ազդու կերպով գործող տնտեսական միջավայր մը ստեղծելու պետութեան կարողութեամբ, որ կը պաշտպանէ զինք ներքին խառնակութիւններէն եւ արտաքին ճնշումներէն:
Եզրակացնելու համար, կը փափաքիմ զգուշութիւն՝ աւելի լաւ ապագայի մը համար: