image
Հրատապ լուրեր:

Միջանցքի հարցով մեր պահանջները կատարուած են. Իրանի նախագահ

Միջանցքի հարցով մեր պահանջները կատարուած են. Իրանի նախագահ

«Այս միջանցքը այն չէ, որու մասին չափազանցուած կը խօսուի լուրերուն մէջ, եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պահանջները կատարուած են»,- յայտարարած է Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը, հաղորդած է Mehr-ը։

«Արաքչին վերջերս այս հարցի վերաբերեալ զեկոյց ներկայացուցած է, եւ որոշուած է, որ անոնք այդ պիտի քննարկեն։ Այս հարցով կը նկատուի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման սկզբունքը, կապի հաստատում Եւրոպայի հետ, այլ ոչ թէ ատոր փակումը հիւսիսէն, ինչպէս կ՚ուզէր ռեժիմը։ Միակ մտահոգութիւնն այն է, որ այս ճանապարհը կ՚ուզեն կառուցել հայկական եւ ամերիկեան ընկերութիւններ», – նշած է Փեզեշքիանը։