Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դէմ 2024-ի աշնան (խմբ․ այդ ժամանակ Թրամփ ԱՄՆ նախագահի թեկնածու էր) մահափորձ կատարելու մէջ մեղադրուող Ռայան Ռութը Ֆլորիտայի երդուեալ ատենակալներու դատարանին կողմէ մեղաւոր ճանչցուած է բոլոր կէտերով։ Այս մասին Սեպտեմբեր 23-ին հաղորդած է Fox News հեռուստաալիքը։
«Ռայան Ռութը, որուն կը վերագրուի Միացեալ Նահանգներու՝ այն ժամանակ նախագահի թեկնածու Տանըլտ Թրամփի դէմ մահափորձ կատարելը, մեղաւոր ճանչցուած է բոլոր կէտերով»,– հաղորդած է հեռուստաալիքը։
Ան մեղաւոր ճանչցուած է յատկապէս Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածուի դէմ մահափորձ կատարելու եւ Գաղտնի ծառայութեան աշխատակցի վրայ յարձակման համար։ Հետագային դատաւորը պիտի որոշէ, թէ ինչ պատիժ պիտի կրէ մեղադրեալը։