image

Շարժա.Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան ընդունած է Հնդիկ Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը

Շարժա.Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Սարգիսեան ընդունած է Հնդիկ Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը

Օրերս Շարժայի մէջ , Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝, Գերշ. Տ. Մեսրոպ արք. Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունած է Հնդիկ Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւն մը։ 

Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ ԱՄԷ-ի Թեմի դիմատետրեան պաշտօնական էջէն։

 

 Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Երկուշաբթի 22 Սեպտեմբեր 2025-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, ներկայութեամբ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տէր Արամ Աւագ Քհնյ. Տէյիրմէնճեանի, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ գրասենեակէն ներս ընդունեց Հնդիկ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տելհի եւ Ա.Մ. Էմիրութեանց Առաջնորդ` Եօհանօն Մար Տիմիթիոս Եպիսկոպոսը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը։ 

Սրբազան հայրը եւ Հնդիկ եպս. հին բարեկամներ ըլլալով շատ ջերմ եւ մտերմիկ զրոյց ունեցան հանդիպման ընթացքին։ 

Հանդիպման ընթացքին զոյգ Առաջնորդ Սրբազանները քննարկեցին շրջանէն ներս դիմագրաուած մարտահրաւէրները եւ փոխադարձ գործունէութիւնը զոյգ առաջնորդներու միջեւ: